2013-01-03 11:58:14

Ե Ո Ւ Ք Ա Թ
Կամ, Քրիստոնէականը` բացատրուած երիտասարդներուն


Զրոյց քառասուներեքերորդ–Գլուխ Գ.­ԿԸ ՀԱՒԱՏԱՄ
ՄԵՂՔԵՐՈՒ ԹՈՂՈՒԹԵԱՆ

Հարցում թիւ 151. Ինչպէ՞ս Եկեղեցին թողութիւն կու տայ մեղքերուն։
Հիմնականին մէջ` մեղքերու թողութիւնը կը շնորհուի մկրտութեան խորհուրդով. Անկէ ետք` ծանր յանցանքներու թողութեան համար, հարկ է դիմել հաշտութեան խորհուրդին (կոչուած նաեւ ապաշխարութեան խորհուրդ, կամ խոստովանանք)։ Աւելի թեթեւ յանցանքներու համար, խոստովանանքը նոյնպէս կը յանձնարարուի։ Սակայն Սուրբ Գրքերու ընթերցումը, աղօթքը, ծոմապահութիւնը եւ բարի գործերու կատարումը նոյնպէս իրենց ազդեցութիւնն ունին, ի տես մեղքերու թողութեան։

ԿԸ ՀԱՒԱՏԱՄ ՄԵՌԵԼՆԵՐՈՒ ՅԱՐՈՒԹԵԱՆ (1)
Հարցում թիւ 152. Ինչու՞ կը հաւատանք մեռելներու յարութեան։
Կը հաւատանք մեռելներու յարութեան, որովհետեւ Քրիստոս յարութիւն առաւ մեռելներէն, ան կ՛ապրի յաւիտեան եւ մեզ մասնակից կը դարձնէ յաւիտենական կեանքին։
Երբ մէկը կը մահանայ, իր մարմինը կը թաղուի կամ կը հրկիզուի. Սակայն մենք կը հաւատանք թէ նոյն այս անձին կը սպասէ կեանք մը մահուընէ ետք։ Յարուցեալ Յիսուսը ինքզինք յայտնեց որպէս տէրը մահուան. Ուստի իր խօսքը հաւատալի է երբ կ՛ըսէ. Ես եմ յարութիւնը, ով որ հաւատայ ինծի, նոյնիսկ եթէ մեռնի, պիտի ապրի (Յովհաննէս 11,25բ)։
Հարցում թիւ 153. Ինչու՞ կը հաւատանք մարմիններու յարութեան։
Սուրբ Գրքի մէջ գործածուած մարմին բառը կը մատնանշէ մարդը իր տկար եւ մահկանացու վիճակին մէջ։ Սակայն Աստուած չի նկատեր մարդկային մարմինը որպէս նուազ արժէք ունեցող բան մը։ Արդարեւ` Յիսուս­Քրիստոսի մէջ` Աստուած ինք մարմին







All the contents on this site are copyrighted ©.